Տոքթոր Յ. Նագուլեանի Գործերը Տուպայի Մէջ


Տոքթոր Յարութիւն Նագուլեանի (Arthur K.) հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 21-ի երեկոյեան, Տուպայի «Հիլթըն տապըլ թրի» պանդոկի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Տոմինիաք ամոլին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի հիւպատոսներուն:
Ցուցադրութեան դրուած են երեսունէ աւելի ստեղծագործութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել երեք գլխաւոր շարքերու` Լիբանանի կղմինտրածածկ տուներ, փիւնիկեան մշակոյթէն ներշնչուած համադրական գործեր եւ հայկական ժայռապատկերներու, խորհրդանշաններու կերպարներ:
Բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթոր Յ. Նագուլեան, որ իր շնորհակալական խօսքին առընթեր շեշտեց, թէ իր արուեստը ոչ մէկ դպրոցի կը պատկանի, այլ պարզապէս իր ներաշխարհի արտացոլումներն է: Իսկ անդրադառնալէ ետք առհասարակ Տուպայի ներկայի մշակութային աշխուժացման` աւելցուց. «Այսօր Տուպայը դարձած է երկրագունդի կարեւորագոյն մշակութային կեդրոններէն մէկը, եւ ինչպէս որ փիւնիկեան եւ կամ հայկական արուեստները իրենց արձագանգը կ՛ունենան ժամանակակից մշակոյթներու վրայ, մաղթենք, որ ժամանակակակից Տուպայի մշակոյթը եւս կը դրսեւորուի ապագայի սերունդներու ստեղծագործութիւններուն մէջ, այնպէս` ինչպէս Պրումմանայի հին տուները, որոնք այսօր չկան, սակայն կը յայտնուին իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ»:
Տոքթոր Նագուլեան արդէն իսկ իր ստեղծագործական ուղին ճշդած գեղանկարիչ է: Անոր գործերը ցարդ ցուցադրուած են Լիբանանէն դուրս Պէյճինկէն մինչեւ Մոնաքօ եւ Փարիզէն մինչեւ Նիւ Եորք:
Անոր արուեստը սնանած է մէկ կողմէ փիւնիկեան եւ միւս կողմէ` հայկական մշակոյթներէն, որոնք սակայն իր ստեղծագործութեան մէջ ի յայտ կու գան իբրեւ ժամանակակից մարդու մերօրեայ ապրումներ եւ տեսիլքներ:
Տուպայի մէջ բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ ջերմօրէն ընդունուած ու գնահատուած այս ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ դեկտեմբեր 30-ը:
Related post:
Click on an image below to start the slide show:
- Login to post comments
- 5814 reads
-