Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակ. Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի Հայկական Ժայռապատկերներու Նուիրուած Գեղանկարչական Ցուցահանդէս



Sep 18, 5:34 am
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի` ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ տոքթ. Յարութ Նիկոլեանի անհատական գեղանկարչական Ցուցահանդէսին:
Գիւղիս հոգեւոր պետերը, տէր եւ տիկին տոքթ. Յարութ Նիկոլեան, տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան եւ Այնճարի քաղաքապետը կատարեցին ցուցահանդէսի բացումը:
Ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ սրահ տեսնելու տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի արուեստի աշխատանքները եւ լսելու արուեստագէտին սրտի խօսքը:
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան: Ան յայտնեց, որ աւանդութեան վերածուած է իւրաքանչիւր հերոսամարտի տօնի ներկայացնել մուսալեռցի արուեստագէտ մը: 97-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ կեդրոնական մարմինը նկատի առած էր ներկայացնել տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանի արուեստը:
Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց տոքթ. Նիկոլեանի կենսագրականը` յայտնելով որ «տոքթ. Նիկոլեան բանաստեղծ է եւ գեղանկարիչ վերջին 20 տարիներուն եւ իր գործերը ոչ միայն ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, ինչպէս` Չինաստան, Ֆրանսա, Մոնթէ Քարլօ, Ամերիկա, այլ մնայուն ցուցադրութեան դրուած են աշխարհի տարբեր պատկերասրահներու մէջ»: Ողջունելով ներկաները ան շնորհաւորեց տոքթ. Նիկոլեանը այս ցուցահանդէսին առիթով` մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ:
Ապա իր սրտին խօսքը փոխանցեց տոքթ. Յարութ Նիկոլեան` յայտնելով իր խորին շնորհակալութիւնները կազմակերպիչ մարմինին ու յատկապէս Այնճարի ժողովուրդին, որ յաճախ քաջալերած է հայկական մշակոյթն ու արուեստը:
Ցուցահանդէսը բաց մնաց նաեւ շաբաթ եւ կիրակի օրերը: Զայն այցելեցին մեծաթիւ հայորդիներ` բարձր գնահատելով տոքթ. Նիկոլեանի գեղանկարչական արուեստը:
View the photo-slide show by clicking here.