Skip to Content

Արուեստագէտ Տոքթ. Յարութիւն Նիգոլեան

PrintPrintEmailEmailPDFPDF

keghart.com  Համօ Մոսկոֆեան,Պէյրութ, 17 Յուլիս 2010

ArthurK


Հայկական կերպարուեստը այսօր գրաւած է իր ուրոյն տեղը համաշխարհային արուեստի անդաստանին մէջ՝ շնորհիւ տոքթ. Յարութիւն Նիգոլեանի եւ իր սփիւռքահայ ընկերներու ջանքերուն։ Կը ներկայացնեմ հաճելի պահ մը բժիկ-արուեստագէտին հետ ներքոյիշեալ հարցազրոյցով:

Հարց._ Կարելի՞ է ներկայացնել ձեր գործունէութիւնը գեղարուեստի աշխարհին մէջ։


Պատ._ Մասնագիտութեամբ բժիշկ եմ, սակայն 30 տարիէ ի վեր կը զբաղիմ գեղանկարչութեամբ եւ գրականութեամբ, գործունէութիւն ծաւալելով արուեստի բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ: Մասնագիտութիւն ստացած եմ Հայաստանի եւ Լոնտոնի մէջ: Հիմա աւելի շատ նկարչութեամբ կը զբաղիմ, մասնակցութիւն բերելով բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, Noah’s Arkի հովանիին տակ։

Նկարչութիւնս բաղկացած է երեք մասերէ։ Առաջին՝ զիս հմայած են Սայտայի թագուհին Էլիսան եւ Փիւնիկէի թագաւորները՝ որոնց դիմանկարները պատրաստած եմ։ Երկրոդ՝ ունիմ հին լիբանանեան տուներու շարք մը, որոնցմով ցուցահանդէս կազմակերպուած էր Հայկազեան համալսարանին մէջ։ Երրորդ նիւթս, թաւ ջութակով աղջիկներու շարք մըն է։

Պաստառներս ցուցադրուած են Լիբանանի կողքին, Պէյճինկի, Սաօ Փաօլոյի, Քանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ։

Հարց._ Դուք լայն կապեր ունեցած եք Հայաստանի արուեստագէտներուն հետ։ Կարելի՞ է պատմել անոնց մասին։

Պատ._ 1963էն 1970 տարիներուն եղած եմ Հայաստան՝ աւարտելով բժշկական ինստիտուտը: գլխաւոր երեւոյթը այդ թուականներուն եղած էր Լեւոն Ներսիսեանը՝ նշանաւոր դերասան Հրաչեայ Ներսիսեանի զաւակը, որ համալսարանի դասախօս էր եւ ինքն էր առաջնորդը բոլոր ազգային շարժումներուն որոնց մասնակցեցան շուրջ 200.000 հայրենասէրներ. 1965թ.ի Հայոց Մեծ Եղեռնի ճանաչման զարթօնքին Հէնրիկ Իգիթեան “խենթութեան” մէջ էր: Ան էր որ հիմնեց արդի Արուեստի թանգարանը:

Հարց._ Ի՞նչ կրնաք ըսել “Աւանգարդ” արուեստի շարժման մասին:

Պատ._ Այդ տարիներուն, այսպէս կոչուած “Աւանգարդ” արուեստի շարժման անդամները իմ ընկերներս եղած են։- Մինաս Աւետիսեան, Էլիբեկեաններ, ՌուտոլՖ Խաչատրեան, Մարթին Պետրոսեան, Էտուարտ Խարազեան։

Բուն “Ավանգարդ” գաղափարները սկսան սաղմնաւորուիլ Հայաստանի մէջ, թէեւ կարգ մը ծագումով հրեայ վտարանդիներ իրենք իւրացուցած են իբր թէ “Աւանգարդ”իզմի ստեղծումը Խ. Միութեան մէջ: Բոլոր “Աւանգարդ” գաղաբարները սկսան արմատաւորուիլ Հայաստանի մէջ. գրականութեան մէջ յառաջատարն էր մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը։ Իսկապէս դժուար բայց երանելի օրեր էին, եղան նաեւ նահատակներ. սակայն ի վերջոյ արուեստն ու գրականութիւնը դարձան առաջնորդող շարժումներ, որոնք յանգեցուցին ազգային ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի անկախութեան՝ իրենց դրական եւ բացասական կողմերով։