Կենսագրութիւն

Գծագրիչ Յարութիւն Նիքոլեանը արուեստի մէջ ծանօթ է Արթիւր Ք նկարչական անունով:

Արթիւր Ք մարդկային իրաւունքներու եւ պատմական ժառանգութեան նիւթը լուսարձակի տակ առած է` իբրեւ խօսուն կերպարներ ընտրելով պատմութեան եւ մշակոյթի ծանօթ դէմքերը` Սալվատոր Տալի, Այնշթայն, Միքելանճելօ, Ռեմպրանտ, Պեքեթ… Մարդիկ, որոնք իրենց ստեղծածով այս կամ այն չափով փոխած են մարդկութեան պատմութեան ընթացքը:
Արթիւր Ք-ը մասնագիտութեամբ բժիշկ է, սակայն, ըլլալով արուեստասէր եւ առնչուելով արուեստագէտներու հետ` ժամանակի ընթացքին զգացած է, որ ինք եւս ցանկութիւն ունի վրձինի ու կտաւի միջոցով փոխանցել իր ըսելիքը: Ունեցած է ցուցահանդէսներ թէ՛ Լիբանան, թէ՛ այլերկրներու մէջ: Անոր ստեղծագործութիւններու ցուցադրմամբ կըզբաղի «Նոազ Արք» ցուցասրահը, որ նաեւ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներ` Մոնաքօ, Նիւ-Եորք, Մոնրէալ, Փարիզ եւ այլ քաղաքներու ցուցասրահներ եւ տաղաւարներ տարած է Արթիւր Ք-ի ստեղծագործութիւնները: Իբրեւ մուսալեռցի, մասնակցած է նաեւ մուսալեռցի արուեստագէտներու` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին:
Յարութիւն Նիկոլեանի քոլաժները ստեղծուած են տպագրութեան թեքնիքի միջոցով, որոնց վրայ ան աշխատած է աքրիլիքով, ինչպէս նաեւ գործածած է «թեքսթ-արթը»: Տառային կամ խօսքային արուեստը ալ աւելի ամբողջական դարձուած է ըսելիքը: Արամ Մանուկեան, խաչ, հայկական գորգի կտոր, հայկական գիրեր, հայոց ու համաշխարհային պատմութեան այլ պատառիկներով ստեղծուած են ամբողջական քոլաժներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր բազմիմաստ ըսելիքն ունի:
Քոլաժներու ժանրին Արթիւր Ք դիմած է` ներշնչուելով Փարաճանովի արուեստէն: Ինք` Փարաճանով նոյնպէս դարձած է գծագրիչի քոլաժներու հերոսներէն մէկը` իր մեծութեամբ առանձնայատուկ շուք հաղորդելով Արթիւր Ք-ի ստեղծագործական աշխարհին: Այդ աշխարհին մէջ իրենց տեղը ունին նաեւ ժամանակակից պալէի ինքնատիպ բեմադրիչ Մորիս Պեժարը, Շարլ Ազնաուրը, Պարաք Օպաման:
Իր Քոլաժները կը ներկայացնէն ոսկերանգներու մէջ պատկերուած լիբանանեան հին տուներու նկարներ, («Ոսկեայ տուներ» կը կոչէ գծագրիչը զանոնք): Ինք լիբանանեան աւանդական տուները կը դիտէ իբրեւ ոչնչացող մշակոյթի մէկ մաս եւ կը փորձէ կտաւին յանձնելով` ձեւով մը նպաստել անոնց փրկութեան:
Իր ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին նկարած է նաեւ փիւնիկեան պատմութեան դրուագներ, օրինակ` փիւնիկեան թագուհիներ (ինչպէս կ'ըսէ` ներշնչուելով Նինա Ճիտեճեանի գիրքերէն): Գծագրիչը ունի տիեզերական երեւոյթներու սեփական մեկնաբանութիւնը (ներշնչուած իմաստասէր Զեքարիա Սիթչինի…….. տեսութիւններէն, որոնք կը վերաբերին աւելի բարձր քաղաքակրթութիւններու գոյութեան), ինչը անպայման իր արտայայտութիւնները կը գտնէ անոր նկարչութեան մէջ: Շումերական եւ ուրարտական ժամանակներու արուեստը նոյնպէս անտարբեր չէ ձգած զինք, եւ Արթիւր Ք համոզուած է, թէ այսօրուայ մարդը շատ աւելի զարգացած չէ, քան` հազարամեակներ առաջ գոյութիւն ունեցած քաղաքակրթութիւններու մէջ ապրած մարդը:
Գծած է նաեւ մանտոլինով աղջիկներ, ինչպէս նաեւ զերծ չէ մնացած շատ մը նկարիչներու պէս մերկ կիներ գծելու ցանկութենէն, որոնք սակայն տակաւին չեն ցուցադրուած: Յարութիւն Նիկոլեանը (Յարութիւն Նագուլեան ստորագրութեամբ) տարբեր տարիներու բանաստեղծութիւններ տպագրած է «Ազդակ»-ի ու «Բագին»-ի մէջ, գրած է նաեւ թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրութիւններ` հայկական գորգի մասին:
Քոլաժները տարիներ առաջ ան ցուցադրած է Լիբանանի մէջ` «Ֆենիսիա» պանդոկի ցուցասրահը եւ կ'ըսէ, որ այդ օրերուն մանաւանդ երիտասարդները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին քոլաժներուն մէջ ներառուած նիւթերուն հանդէպ: Այսօր ալ նոյն կարծիքը ունի:
Մովսես Ծիրանի
(Dr. Hergelian)
Իմ նկարջական դաստիարակութիւնս կ՛ըսկսի հնագոյն աշխարքէն ու կը վերջանայ Renaissance-ին մէջ....- Arthur K -